Յովսէփ Տէտէիս Յիշատակին

Եթէ սփիւռքահայուն կեանքին մէջ եկեղեցի-դպրոց-ակումբ այն տարածքն է, որ Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն համար դարձաւ հայրենիք եւ հայապահպանման կռուան, ապա Յովսէփ տէտէս իմ հայրենիքս է եւ հայկական ինքնութեանս շունչ փչողը:

Յովսէփ տէտէս կեանքը ըմբոշխնած էր ամբողջութեամբ: Թէեւ պատանի տարիքին իր ծննդավայրէն` Իսկենտէրունէն, բռնագաղթի ենթարկուած էր իր ընտանիքով, բայց ոչ մէկ անգամ կեանքին հանդէպ դառնութիւն արտայայտած է: Ընդհակառակը, միշտ ալ խօսած ու պատմած է մահուան դէմ իր յաղթանակներուն մասին:

«Ուրեմն 3 ամիս յետոյ վիզան եկած էր: [Պապաս] մարդու մը կանչեց […] «Տոսթում, փարա ֆայսիզ էվիտէ իժարսիզ, թէսլիմ էտիոմ» ըսաւ, ետ գամ նէ, ըսաւ, դրամդ կու տամ [տունը] կ՛առնեմ: 30 ոսկիով տունը տուաւ: Ատ թուղթն ալ ներկայ է, քովս է հա՛: Ատիկա ալ գրելու տուած է պապաս, մուխթարն ալ ստորագրեր է, եւ` անունը, մարդուն անունը միասին: Ճամբայ ելանք: Արգիլուած էր բան մը առնել հետերնիս: Տափակ փիլ ունէի, դրամը դրի փիլին տակը, թուղթն ալ դրի, պաթարիան ալ դրի: Ճամբայ ելանք, որ Հալէպ պիտ երթանք:

Աւանդապահ էր ան: Ոչ միայն կը պահէր իր ծնողներէն սորված աւանդութիւններ, այլ ունէր նաեւ իր սովորութիւնները, որոնք հայկական աւանդական ընտանիքի մը արժէքներուն մաս կը կազմեն: Օրինակ, անհամբեր կը սպասէր կիրակի օրերուն: Առտու ինք Ֆանարի մատուռին ետեւը նստած կ՛ըլլար, բանկալին առջեւ: Մենք` իր թոռնիկները, 250 թուղթէ դրամները, աւելի ուշ` հազար ոսկիներ կ՛առնէինք ու կ՛երթայինք եկեղեցի: Նախ զինք կը բարեւէինք, երեսներէն կը համբուրէինք ու մեր «ապրիս»-ը կը ստանայինք, որմէ ետք իր արտօնութեամբ դրամը կը դնէինք պնակին մէջ ու մոմ մը կ՛առնէինք: Զիս տպաւորած էր նաեւ Յովսէփ տէտէիս եւ պարոն Սահակին պնակ դարձնելը: Անոնք մէկ ձեռքով մոմ մը, իսկ միւսով եկեղեցւոյ պնակը բռնած` կը դառնային ժողովուրդին մէջ` «Շէն մնաք, պայծառ մնաք» փսփսալով: Պատարագէն ետք մեր ստացած մասերուն կողքին, ինք եւս մաս կը բերէր տուն: Թոռնիկներէն մէկուն կու տար, եւ մենք ալ ուրախութեամբ պզտիկ-պզտիկ բաժիններու բաժնած` կը դնէինք մերիններուն ձեռքին վրայ, իսկ ինք կը նստէր իր սենեակը, պայուսակը անկողինին վրայ դրած իբրեւ սեղան գործածելով` թուղթով եւ հաշուիչ մեքենայով հաշիւներ կ՛ընէր: Վերջը հասկցայ, որ ան` տասնամեակներու թաղական, հաշուապահութեան պաշտօնը ստանձնած էր եւ ատիկա կը կատարէր ամենայն լրջութեամբ, ամէն կիրակի, պատարագէն ետք, մինչեւ կէսօրուան սեղանին պատրաստութիւնը: Իսկ կէսօրէ ետքերը կը շարունակէր պատմել իր կեանքէն:

Արհեստով կօշկակար էր: Ամբողջ կեանքը աշխատած էր այդ ասպարէզին մէջ` յաճախ յաջողութիւններ վայելելով եւ երբեմն ալ` ձախողութիւններ: Երբ կը պատմէր իր գործին մասին, պզտիկ խելքս դժուար կ՛ըմբռնէր, թէ ինչպէ՛ս երկար ճամբայ կը կտրէր ամէն օր, որպէսզի քաղաք իջնէր եւ գործ տեսնէր:

«Հալէպ եկանք, սթասիոն: Ատ գիշեր սթասիոնին մէջ գետին պառկեցանք, որպէսզի առտու կանուխ պոսթայով եւ թրէյնով Պէյրութ երթայինք: Ատ 30 ոսկիով պապաս տոմսակներ կտրել տուաւ: Եկանք Ռայաք եւ տեսանք, որ հայութիւն էր այդտեղը: Հոն զինուորութեան տեղ մը կար, գերմանացիներուն պատկանող, մենք ալ մտանք հոն: Վաքըֆ է: Հոն տարածքին մէջ մէկ մասը զինուորութեան կը գրուէր, մէկ մասը կօշկակար կ՛աշխատէր, զինուորական: Ես ալ մէկ տարիի չափ աշխատեցայ հոն որպէս կօշկակար:

Աւանդապահ էր նաեւ այն իմաստով, որ գաղութային կեանքին մասնակցութիւն ունէր: Աւելի՛ն. անոր ներդրումները անկիւնադարձային եղած են գաղութին կեանքին մէջ:

«Ուրեմն լուր եկաւ, որ քեմփին մէջ ճամբայ պիտի բանան, եւ ատոր համար 120 ընտանիք դուրս պիտի մնայ: Յանձնախումբ մը ըրին, որ  առաջնորդարանին հետ կապ պահէ: Ատ մարմինին մէջ ինծի առին: Ազգային իշխանութեան մարդիկները, Խորէն սրբազան, Մովսէս Տէր Գալուստեան, Մաւիսագալեան, Թէրզանեան` ասոնք մէկ մարմին են, մենք ալ` [ուրիշ] մարմին, 7 հոգիով: Օր մը շուտով լուր եկաւ, որ, 1956-57-ին, պէլէտիէի ռէյիզը մեզի կ՛ուզէ կոր, մուաըն աուալ է: Երկու հոգի առի եւ գացի: Նախքան երթալս առաջնորդին հանդիպեցայ եւ բացատրեցի եղածը: Խենթացաւ: «Ո՞վ բերաւ լուրը», ըսաւ, «Սմսար Սիմոնը», ըսի: Սմսար Սիմոնը խանութ ունի Մար Մըխայէլ: «Տղա՛ս, գնա՛ եւ հեչ մէկ թուղթ մի՛ ստորագրեր», ըսաւ: Ելանք մարդուն քով: Նախ մեզի բաւական լաւ ընդունեց եւ առջեւնիս երեք հատ թուղթ դրաւ ստորագրելու` «Խմսին ալֆ», ըսաւ, 50 հազար ոսկի կայ ըսաւ, 25 ոսկին գրպանդ դիր եւ 25-ը դուն ձեռքիդ գործը տես, ժողովուրդին բաժնէ, ըսաւ: Մինչ այդ քեմփին մէջէն ճամբայ պիտի բանան, եւ 120 ընտանիք ճամբայ պիտի մնայ: Ատ է պատմութիւնը: Մերժեցի, վիճաբանեցանք: Թուղթը չստորագրեցի եւ 120 ընտանիք իր տունին մէջ մնաց:

Իսկ երբ տէտէս չէր պատմեր ու չէր խօսեր, լուրերը կը դիտէր, «Վանայ ձայն» մտիկ կ՛ընէր, թերթ կը կարդար, կամ մեծ մամայիս համար կ՛երգէր եւ ճիւմպիւշ կը նուագէր: Ի դէպ, տէտէս երիտասարդութեան ժամանակ ճոխացուցած է թաղին հարսանիքները իր ճիւմպիւշով: Իսկ ամէնէն հետաքրքրականը` կը գրէր: Յովսէփ տէտէս կեանքին մինչեւ վերջին օրը օրագիր պահեց իր դպրոցին մէջ չսորված հայերէնով (ի դէպ, օրագիրին վերջին գրութիւնը 18 փետրուար 2022-ին է, հոգին աւանդելէն ճիշդ մէկ ամիս առաջ): Յովսէփ տէտէիս ծնողքը թրքախօս էին, իսկ տէտէս եւ իր երկու եղբայրները ֆրանսական դպրոց յաճախած էին մինչեւ տարագրութիւն: Ան հայերէնի իմացութիւնը` խօսիլը, կարդալն ու գրելը, ինքնաշխատութեամբ սորվեցաւ եւ ատոր համար իր օրագրութիւնը կը գրէր խօսակցական լեզուով` հայերէն եւ հայատառ թրքերէն եւ այնպէս, ինչպէս ինք կը հնչէ:

Յովսէփ տէտէս վերջին շուրջ 10 տարին գրեթէ անկողինին ծառայեց: Վերջին տարիներուն գրեթէ չկարողացաւ տունէն դուրս ելլել: Մարմինը տկար էր, սակայն յիշողութիւնն ու մտային կարողութիւնը` կայտառ: Նոյնիսկ իր հոգեվարքին մէջ չյանձնուեցաւ դիւրութեամբ, աչքերով խօսեցաւ մեզի հետ ու շարունակեց յամառօրէն շնչել` առանց գանգատի, առանց դժգոհութեան: Շատ բան սորվեցայ իրմէ, ամբողջ ինքնութիւն մը կերտուեցաւ իր բանաւոր պատմութիւններով, վկայութիւններով եւ խրատներով:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, հրեշտակ տէտէս:

Յօդուածը առաջին անգամ լոյս տեսած է Ազդակի մէջ, 30 Ապրիլ 2022-ին

Թողնել մեկնաբանություն

Արազն եմ

Այս ցանցատետրը արտացոլացումն է սփիւռքի առօրեայիս (եւ մասամբ նորին)…

Ի՞նչ կ՚ըսես, քիչ մը խօսինք