Յետադարձ Ակնարկ, Բարռեսիա Գոլէքթիվ 2023

Իւրաքան­չիւր տա­րեգ­լուխ առիթ կը ստեղ­ծէ հա­շուե­յար­դար կա­տարե­լու ան­ցած տա­րուան եւ թար­մա­ցած երազ­նե­րով ու նպա­տակ­նե­րով թե­ւակո­խելու նոր տա­րին։

2023-ը լաւ տա­րի մը չե­ղաւ հա­յերուս հա­մար՝ ցնցո­ւեցանք Թուրքիոյ հա­րաւին ու Սու­րիոյ հիւ­սի­սի երկրա­շարժնե­րով,– հո­ղատա­րածք մը, որ դա­րեր շա­րու­նակ թրծո­ւած եղած է հա­յու քրտին­քով, եւ ար­մա­տախիլ եղանք մեր Ար­ցա­խի պատ­մա­կան հո­ղերէն։ «Պատ­մութիւ­նը չէ, որ կը կրկնո­ւի, այլ՝ գա­ղու­թա­տիրոջ բռնու­թիւնը» գրե­ցինք դի­մատետ­րի մեր էջին վրայ՝ ար­տա­յայ­տե­լու հա­մար Բար­ռե­սիա Գո­լէք­թի­վի կա­տարած զա­նազան ըն­թերցա­նու­թիւննե­րու քննար­կումնե­րուն ըն­թացքին ժա­մանա­կայ­նութեան եւ ար­տախլման մա­սին մեր յայտնա­բերած միտ­քե­րը։ Բարձրա­ձայ­նե­ցինք երկրա­շար­ժին պա­տեհու­թիւնը շա­հագոր­ծե­լով Հա­թայի շի­նարա­րական ար­խիւնե­րուն ոչնչաց­ման փոր­ձին մա­սին՝ «ժխտու­մը հիմն է պե­տակա­նու­թեան»։ Կա­րեւոր էր հասկնալ գա­ղու­թա­տիրոջ տար­բեր երես­նե­րը՝ տար­բեր ժա­մանակ­նե­րու ըն­թացքին եւ տար­բեր մշա­կոյթնե­րու հան­դէպ, ուստի դի­մեցինք կար­դա­լու գա­ւառի գրա­կանու­թիւն։

Գա­ւառը քա­ղաքէն դուրս գո­յու­թիւն ու­նե­ցող վայ­րը չէ միայն, այլ եր­կիրն է, բնու­թիւնն է, մար­դու եւ հո­ղին յա­րաբե­րու­թիւնն է։ Ճամ­բայ ելանք ըն­թերցե­լով Հա­մաս­տե­ղէն ու քննար­կումնե­րու ըն­թացքին մէջ­տեղ եկած գա­ղափար­նե­րը հիմք կազ­մե­ցին յա­ռաջի­կայ մեր գոր­ծունէու­թիւննե­րուն։ Քննար­կումնե­րուն ըն­թացքին, Բար­ռե­սիա Գո­լէք­թի­վը, մէկ քայլ ան­դին եր­թա­լով եւ բաղ­դա­տական կա­տարե­լով հա­մաշ­խարհա­յին գրա­կանու­թեան հետ, ար­ծարծեց նաեւ գա­ւառի գրա­կանու­թեան այժմէակա­նու­թիւնը։ Կար­դա­ցինք Խրի­մեան Հայ­րի­կին «Պա­պիկ եւ Թոռ­նիկ»-ը եւ «Խօսք Հրա­ժար­ման»-ը եւ ներ­կա­յիս կը կար­դանք Ռաֆ­ֆիի «Խեն­թը»։ Ի հար­կէ, որ կրնաք մեր նիս­տե­րուն մաս­նակցիլ գրե­լով մեր ե-նա­մակի հաս­ցէին՝ parrhesiameetings@gmail.com։

Ակօ­սը, իր թեր­թով եւ ռա­տիօժա­մով, Բար­ռե­սիա Գո­լէք­թի­վին յա­ւելեալ տա­րածք ըն­ծա­յեց։ 16 Ապ­րի­լէն ի վեր երկշա­բաթեայ դրու­թեամբ ձե­զի ներ­կա­յացանք, եւ կը շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յանալ, Բար­ռե­սիաբար սիւ­նա­կէն, եռա­լեզու գրու­թիւննե­րով, իսկ ամ­սա­կան դրու­թեամբ մե­զի կրնաք լսել «Ռա­տիօ Ակօս»ի եթե­րէն, թրքե­րէնով։

Բար­ռե­սիաբար սիւ­նա­կին մէջ, ան­կախ գա­ւառի գրա­կանու­թե­նէն, յօ­դուած­նե­րուն ճամ­բով ար­ծարծե­ցինք նաեւ ճշմար­տութիւ­նը դի­մակա­յելու դժո­ւարու­թեան մա­սին՝ մա­նաւանդ Ապ­րիլ ամ­սո­ւան մէջ, ման­րա­մաս­նե­ցինք տար­բեր ժա­մանա­կայ­նութիւննե­րու մէջ ըլ­լալն ու հա­մաժա­մանա­կու­թիւննե­րու տա­րաժա­մանա­կու­թիւնը. մեր գրու­թիւննե­րէն բա­ցակայ չմնա­ցին մեր գա­ղութնե­րուն արո­ւես­տի այ­լա­զան ձեռ­նարկնե­րու մեր տպա­ւորու­թիւններն ու ապ­րումնե­րը։ Անդրա­դարձ կա­տարե­ցինք գրա­կանու­թեան մէջ կնոջ ներ­կա­յու­թեան, հա­յերէն լե­զուի գոր­ծա­ծու­թեան մար­տահրա­ւէր­նե­րուն եւ նո­րարար կեր­պե­րուն. ար­ծարծե­ցինք պա­րարո­ւես­տի, ման­կա­վար­ժութեան եւ լե­զուի հան­դիպման կէ­տին մա­սին, աւե­լի իմա­ցանք Այնթա­պի Ս. Աս­տո­ւածա­ծին եկե­ղեց­ւոյ պատ­մութեան մա­սին, ի շարս այլ նիւ­թե­րու։

Տար­ւոյն ըն­թացքին հրա­ւիրե­ցինք տար­բեր մաս­նա­գէտ­ներ եւ անոնց հետ առ­ցանց զրոյցներ ու­նե­ցանք։ Հո­գեբան Ար­շա­լոյս Գա­յըր խօ­սեցաւ գո­յատեւ­ման եւ կա­նանց մա­սին, պատ­մա­բան Նա­զան Մաք­սուտեան՝ հայ որ­բե­րու մա­սին, իսկ մեր գո­լէք­թիվի ան­դամնե­րէն արո­ւես­տա­գէտ Լեռ­նա Պա­պիկեան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան պա­րը իբ­րեւ մտա­յին եւ ֆի­զիքա­կան ազա­տագրման եւ հա­ւասա­րու­թեան կի­րառում նիւ­թը ներ­կա­յացուց։

Այս տա­րի յանդգնու­թիւնը ու­նե­ցանք պա­տանի տա­րիքի աշա­կեր­տուհի­ներու հա­մար ար­ձակ գրու­թեան մրցա­նակ մը կազ­մա­կեր­պել «Յաս­մի­կեան Պտոյտներ» վեր­նա­գիրով։ Մրցա­նակը նո­ւիրո­ւած էր Յաս­միկ Սու­ճեանի յի­շատա­կին՝ նպա­տակ ու­նե­նալով քա­ջալե­րել աշա­կեր­տուհի­ներ գրա­կան ոճով ար­տա­յայ­տո­ւելու իրենց պտոյտնե­րուն եւ այդ ըն­թացքին վա­յելած ապ­րումնե­րուն մա­սին: Երախ­տա­պարտ ենք Ազգ. Կեդ­րո­նական վար-ժա­րանին, որ սի­րայօ­ժար կեր­պով մեզ հիւ­րընկա­լեց իր հար­կին տակ, կա­յաց­նե­լու հա­մար մրցա­նակա­բաշ­խութիւ­նը 2023-ին:

Տա­կաւին բազ­մա­թիւ աշ­խա­տանքներ տա­րինք այլ հար­թակնե­րու եւ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու հետ, ինչպէս՝ «Ռիֆ­լէքթիվ Մա­կազին Բոտ­քասթ»-ին ճամ­բով ներ­կա­յացու­ցինք Յա­կոբ Մնձու­րիին «Երկրորդ Ամուսնու­թիւն»-ը՝ Օս­մա­նեան կայսրու­թեան մէջ հա­մաժա­մանա­կու­թիւննե­րու տա­րաժա­մանա­կու­թեան դի­տան­կիւնէն եւ 2021 տա­րեշրջա­նի Զա­ւէն Պի­պեռեանի մեր ըն­թերցումնե­րը տեղ գտաւ ԿԱՄ-ի մէջ «Ժա­մանա­կը Զա­ւէն Պի­պեռեանի Մօտ. Գող­ցո­ւած կեանք մը՝ մէկ աղէ­տէն միւ­սը» յօ­դուա­ծով։ Թա­լին Սու­ճեան միաժա­մանակ առ­ցանց եւ ան­ձամբ դրու­թեամբ դա­սախօ­սու­թիւն եւ աշ­խա­տանոց մը կազ­մա­կեր­պեց 19-րդ դա­րուն Օս­մա­նեան գա­ւառ­նե­րու մէջ հայ-յու­նա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րու մա­սին՝ կազ­մա­կեր­պութեամբ Աթէնք լոյս տես­նող Ար­մե­նիքա պար­բե­րաթեր­թի հետ։

Տա­րին գլո­րեցաւ մեր ետին ձգե­լով այս բո­լոր աշ­խա­տանքնե­րը, որոնք թէեւ հա­ւաքա­կան, ազ­գա­յին ու­րախ պայ­մաննե­րու մէջ չգո­յացան, սա­կայն շա­րու­նա­կեցին քա­ջու­թիւն ու­նե­նալ ճշմար­տութիւ­նը խօ­սելու, այնպէս ինչպէս կը թե­լադ­րէ բար­ռե­սիա եզ­րը։ Յոյ­սով ենք, որ այս տա­րի եւս պի­տի շա­րու­նա­կենք հաս­տատ քայ­լե­րով ըն­դա­նալ, «բար­ռե­սիաբար»։ Այս առի­թով կ՚ու­զենք նշել, որ մեր առա­ջին առ­ցանց զրոյ­ցը պի­տի ու­նե­նանք Թա­լին Սու­ճեանի հետ, իր վեր­ջին «Վտա­րան­թի Հա­յեր – Գա­ւառ­նե­րու Թան­զի­մաթը» գիր­քին մա­սին եւ առա­ջին առ­ցանց դա­սապա­հը՝ Մարկ Նշա­նեանին հետ, նիւթ ու­նե­նալով հայ գրա­կանու­թիւնը, 14 Փետ­րո­ւարէն սկսեալ, չորս շաբ­թուան վրայ եր­կա­րելով։

Բար­ռե­սիա Գո­լէք­թի­վը իր խո­րին շնոր­հա­կալու­թիւնը կը յայտնէ Կիւլպէն­կեան հիմ­նարկութեան նիւ­թա­բարո­յական աջակ­ցութեան համար։

Յօդուածը առաջին անգամ լոյս տեսած է Ակօսի մէջ, Բարռեսիաբար սիւնակին տակ, 3 Յունուար 2024-ին

Թողնել մեկնաբանություն

Արազն եմ

Այս ցանցատետրը արտացոլացումն է սփիւռքի առօրեայիս (եւ մասամբ նորին)…

Ի՞նչ կ՚ըսես, քիչ մը խօսինք