«Ասիկա լերան մը պատմութիւնն է»

Սեսիլ Արթուչ, Թամար Կիւրճեան, Արազ Գոճայեան

Պարող եւ պա­րադ­րող Միհ­րան Թով­մա­սեանի եւ երա­ժիշտ Սա­րօ Ուստա­յի «ՍԱՐ» ներ­կա­յացու­մը, որ առա­ջին ան­գամ բեմ բարձրա­ցած է 2015-ին, «Չըփ­լաք Այաք­լար Քումբա­նիասը»-ի ար­տադրու­թեամբ, վեր­ջերս յա­տուկ ներ­կա­յացում մը ու­նե­ցաւ։ Մե­զի հա­մար ներ­կա­յացու­մը եւ անոր յա­ջոր­դած քննարկման նիս­տը շատ բան կը բա­ցայայ­տէ Թուրքիոյ մէջ հայ ըլ­լա­լու փոր­ձա­ռու­թեան առնչու­թեամբ, եւ անոր մա­սին կ՚ու­զենք բաժ­նեկցիլ «Ակօս»-ի ըն­թերցող­նե­րուն հետ։

Ս՝ «ՍԱՐ»-ը առա­ջին ան­գամ 2015-ին դի­տեցի եւ հիացած էի Միհ­րա­նին ու Սա­րոյին, որուն ման­կութե­նէս կը ճանչնամ, իրենց փոր­ձա­ռու­թիւննե­րը պատ­մե­լու մի­ջոց գտած ըլ­լալնուն վրայ, եւ ատի­կա ի գործ դրած էին միաս­նա­բար։ Ներ­կա­յացու­մը պտուղն էր ամիս­նե­րու վրայ եր­կա­րող եր­կուքին ու­նե­ցած զա­նազան նիւ­թե­րու մա­սին զրոյցնե­րու՝ ման­կութե­նէն սկսեալ մին­չեւ քա­ղաքա­կանու­թիւն։ Վեր­ջա­պէս, մէջ­տեղ եկած էր լե­րան մը պատ­մութիւ­նը։ Բե­մին վրայ Միհ­րա­նը կը տես­նենք՝ մերթ լե­րան հետ վիթ­խա­րի վի­ճակի մէջ, մերթ անոր տա­կը ճզմո­ւած, մերթ կտոր-կտոր ըրած լե­ռը եւ մերթ այդ կտոր­նե­րով ինքզին­քին հա­մար այլ աշ­խարհ մը կա­ռու­ցե­լու գոր­ծին վրայ։ Նկա­տի ու­նե­նալով, որ կու գանք տու­նե­րէ, ուրկէ ան­պա­կաս կը մնայ Արա­րատին շու­քը, դժուար չէր հասկնալ խնդրոյ առար­կայ լե­րան ո՛րն ըլ­լա­լը եւ պա­րողին ինչպի­սի՛ մար­տահրա­ւէր­նե­րու դի­մաց գտնո­ւիլը։

Թ՝ Հողն ու գե­տինը խորհրդան­շող թուղթե­րը, որոնք ծած­կած էին սրա­հը, ներ­կա­յաց­ման պա­տու­մին հիմ­քը կազ­մե­ցին։ Սկիզ­բը, մար­մի­նը չէինք տես­ներ թուղթե­րուն տակ։ Իւ­րա­քան­չիւր շար­ժումին հետ թուղթը ստա­ցաւ ան­վե­րաշրջե­լի վի­ճակ, ու­նե­ցաւ ձեւ, թրթռաց եւ պատ­մութեան գա­գաթ­նա­կէտին դար­ձաւ փա­ռահեղ Արա­րատը։ Ապա տե­սանք թուղթե­րուն ճմռթկո­ւիլն ու պատռտո­ւիլը եւ մար­մի­նին գետ­նէն բաժ­նո­ւիլը։ Մար­մի­նին եւ գետ­նին յա­րաբե­րու­թիւնը փա­խու­մի վե­րածո­ւեցաւ՝ մինչ տարտղնո­ւած թուղթե­րուն ետե­ւէն ին­կաւ եւ զա­նոնք հա­ւաքեց սեւ տոպ­րա­կի մը մէջ։ Մար­մի­նը այ­լեւս ամ­բողջո­վին ան­ջա­տուած էր հող/թուղթէն Այս սեւ տոպ­րա­կը կ՚ընդգրկէ այ­սօր մե­զի ան­ծա­նօթ ժա­մանա­կի մը տա­րած­քին բե­կոր­նե­րը։ Յե­տոյ, մար­մի­նը, փոր­ձե­լով պատ­ռել տոպ­րա­կը, խան­դա­վառո­ւեցաւ տոպ­րա­կէն առած թուղթէ կտո­րով։ Թէեւ գի­տակ­ցե­ցաւ, որ իր յա­րաբե­րու­թիւնը հո­ղին հետ այ­լեւս չի հա­կաշրջո­ւիր, մար­մի­նը, տոպ­րա­կէն ելած թուղթէ պզտիկ կտո­րին յոյ­սով, հա­լայ պա­րեց այն կէ­տին շուրջ, ուր նա­խապէս լե­ռը կը գտնո­ւէր։ Ին­ծի հա­մար պա­րողին խան­դա­վառու­թիւնը այն խան­դա­վառու­թեան ար­տա­ցոլա­ցումն է, որ մենք հա­յերս կ՚ու­նե­նանք ամէն ան­գամ, որ մեծ ջան­քե­րով կը յա­ջողինք ձեռք բե­րել մեր հո­ղերէն հե­ռանա­լէն առաջ մեր ու­նե­ցած կեան­քին մա­սին որե­ւէ տե­ղեկու­թիւն։ Այս իմա­ստով, ներ­կա­յացու­մը յա­ջող կեր­պով բե­մակա­նացուց հա­յերուս հո­ղին հետ յա­րաբե­րու­թիւնը այ­սօր, օտա­րացու­մը, որ կը ծնի այս յա­րաբե­րու­թեան խզու­մէն եւ մեր պայ­քա­րը պատ­մութեան ծանր շուքին հետ, որ մե­զի ներս կը քա­շէ։

Ս՝ Կը կար­ծեմ, որ երեքս կրնանք նոյն գա­ղափա­րին շուրջ հա­մաձայ­նիլ, թէ­կուզ ներ­կա­յացու­մը ըն­կա­լելու մէջ մեր տար­բե­րու­թիւննե­րը ու­նինք։ Ասով հան­դերձ, քննարկման նիս­տին ըն­թացքին հնչե­ցին նկա­տողու­թիւններ, որոնք անսպա­սելի էին ին­ծի։ Ոմանք էգո­լոկիական տե­սան­կիւնէ ըմբռնած էին ներ­կա­յացու­մը, ու­րիշներ ալ իրենց անձնա­կան հո­գեխոց­նե­րը տե­սած էին մէ­ջը։ Այն իրո­ղու­թիւնը, որ Արա­րատ լե­ռը բնաւ չէին մտա­բերած մէջս բան մը խո­ցեց։ Այ­նո­ւամե­նայ­նիւ, այն պա­հը, երբ քննար­կո­ւեցաւ այս ներ­կա­յացու­մէն Սա­րոյին բա­ցակա­յու­թեան ազ­դե­ցու­թիւնը, նկա­տեցի, որ մեր դի­տան­կիւննե­րու տար­բե­րու­թիւննե­րը դա­տապար­տուած էին կտրա­կան ան­հաշտու­թեան։ Մինչ այս բա­ցակա­յու­թեան պատ­ճա­ռը Սա­րոյին ստի­պողա­բար Թուրքիայէն հե­ռանալն էր, ինչպէս շատ մը հա­յեր հե­ռացած են, կարգ մը ներ­կա­ներ ըսին, որ գե­ղագի­տական առու­մով բնաւ չէին նկատած երաժշտու­թեան բա­ցակա­յու­թիւնը։ Մե­զի հա­մար, միւս կող­մէ, Սա­րոյին բա­ցակա­յու­թիւնը մեր առ­ջեւ պար­զո­ւած պատ­մութեան մէջ կո­րուստի զգա­ցու­մին շա­րու­նա­կակա­նու­թիւնը կը մատ­նանշէր։

Ա՝ Լուռ սթու­տիոյին մէջ, Միհ­րա­նին սե­ւեռած հա­յեաց­քը առա­ջին հար­կի վրայ գտնո­ւող պա­տու­հա­նին վրայ, հոն­կէ թա­փան­ցած մէյ մը աղօտ, մէյ մը զօ­րաւոր լոյ­սը եւ իր պայ­քա­րը թուղթե­րը ժող­վե­լու եւ մեծ գունդի մը վե­րածե­լու, զիս տա­րաւ լեռ մագլցե­լու նմա­նող կեան­քի իմ փոր­ձա­ռու­թիւննե­րուս։ Ամե­նօրեայ մար­տահրա­ւէր­նե­րը դի­մագ­րա­ւելու «լե­ռը» բարձրա­նալու ճամ­բուն վրայ ատեն.-ատեն ինքզինքս կը գտնեմ անոր լան­ջին, — կար­ծես Սուրբ Յա­կոբին՝ Նո­յան տա­պանէն կտոր մը ու­նե­նալու հա­մար Արա­րատ լեռ­ բարձրա­նալուն պատ­մութեան նման։ Պատ­մութիւ­նը կ՚ըսէ, որ Ս. Յա­կոբ լե­րան գա­գաթ չի հաս­նիր, քա­նի որ հա­կառակ լեռն ի վեր իր կտրած ճամ­բա­յին, առա­ւօտ­նե­րը ինքզինք կը գտնէր անոր լան­ջին։ Ան­տե­սելով այս իրո­ղու­թիւնը եւ հա­մաձայն իր ան­կոտրում կամ­քին, սուրբը կը շա­րու­նա­կէ նո­ւաճել փոր­ձել լե­ռը՝ իր մագլցու­մը դարձնե­լով յա­ւերժ տա­ռապան­քի ան­վերջ շրջա­նակի։ Այս շրջա­նակը կը կոտ­րի միայն երբ հրեշ­տա­կը օր մը կող­քին կը դնէ տա­պանէն մա­սունք մը եւ կ՚իրա­կանաց­նէ անոր երա­զը։ Մտա­ծելով զու­գա­հեռ­նե­րու մա­սին, կը խոր­հիմ, որ ար­դեօք ինքնու­թեան հա­մար յա­ւերժ տա­ռապան­քի մատ­նո­ւած­ներս, երբ պատ­մութիւ­նը ինքզինք կը կրկնէ իր բո­լոր բռնա­րարքնե­րով, վեր­ջի­նը ըլ­լա­լով Ար­ցախցիին են­թարկո­ւած ցե­ղային զտու­մը, բնաւ պի­տի կոտ­րե՞նք յա­ւերժ տա­ռապան­քի ան­վերջ շրջա­նակը։

Յօդուածը առաջին անգամ լոյս տեսած է Ակօսի մէջ, Բարռեսիաբար սիւնակին տակ, 11 հոկտեմբեր 2023-ին

Թողնել մեկնաբանություն

Արազն եմ

Այս ցանցատետրը արտացոլացումն է սփիւռքի առօրեայիս (եւ մասամբ նորին)…

Ի՞նչ կ՚ըսես, քիչ մը խօսինք