Վիգէն Դարբինեան` Երգէն Անդին

Վիգէն Դարբինեան Լիբանան էր աւելի քան ամիս մը առաջ: Այս ընթացքին ան ելոյթներ ունեցաւ քանի մը բեմերու վրայ, բայց ամէնէն շատ «ելոյթ» ունեցաւ իր ընկերներու փոքրիկ շրջանակին մէջ, որոնք յաճախ տեղի կ՛ունենային «Ազդակ»-ի խմբագրատան յարկին տակ` կա՛մ արագ ճաշասեղանի մը շուրջ, կա՛մ ոտքի վրայ երկու բառի փոխանակման ընթացքին:

Vicken-Tarpinian_72217

Վիգէն Դարբինեան երգիչը կը ճանչնայի շատ քիչ` համացանցի Եութիուպի ծրագիրին վրայ զետեղուած իր երգերուն միջոցով, իսկ այս անգամ անոր մօտէն ծանօթացայ շնորհիւ «Ազդակ»-ի խմբագրատան, որուն յարկին տակ ստեղծուող եւ եռացող մշակոյթը երբեմն շատ աւելի դաստիարակիչ ու հոգի հարստացնող է, քան` դասական այլ միջոցներ:

Դարբինեանին Լիբանան գտնուելուն վերջին օրն էր, երբ մեր մտերմիկ զրոյցը սկսաւ ստանալ կերպարանք մը, որ անպայմանօրէն ուզեցի բաժնել նաեւ ընթերցողին հետ, որովհետեւ հոն դրուած հարցերը կը պատկանէին հայկական իրականութեան եւ ո՛չ միայն` երկու հոգիի:

Ստորեւ կը ներկայացնենք զրոյցը` ամփոփուած…

«Լիբանան եկայ, քանի որ ուզեցի գալ. ոեւէ մէկը, որեւէ միութիւն հրաւիրած չէր զիս: Եկայ, որպէսզի տեսնեմ, թէ ինչո՛ւ ես Համազգայինի կամ ուրիշներու հրաւիրուողներու ցանկին մաս չեմ կազմեր: Եկայ, որպէսզի կապ մը ստեղծեմ: Բարեկամի մը հետ հաստատեցի եւ տեղեկացուցի, որ նամակ մը պիտի ուղարկեմ, եւ խնդրեցի, որ ան հասցնէ պէտք եղած միութիւններուն: Այդպէս ալ եղաւ ու Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը, «Կոմիտաս» մասնաճիւղը, ԼՕԽ-ի քարոզչական յանձնախումբը կազմակերպեցին համերգներ ու հանդիպումներ:

Յուսամ մօտ օրէն Համազգայինը կը կազմակերպէ համերգներ, առանց միջնորդութեան, Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ Հայաստանի մէջ…

Եթէ մեր մշակութային միութիւնները չընեն, ո՞վ պիտի ընէ:

Գիտե՞ս,  հոս ծննդավայրս ալ է եւ հոսկէ սնունդ կը ստանամ ես, երբ վերադառնամ: Լիբանանը յատուկ տեղ ունի կեանքիս մէջ, թէեւ ոմանք զիս ֆրանսահայ երգիչ կը պիտակեն, բայց իմ հոգս չէ: Եթէ անպայման տեղանքի պիտի կապեն զիս, լիբանանահայ եմ, գոնէ` Միջին Արեւելքէն: Հոս շատ յիշատակներ ունիմ: Բոլորս ալ Սուրիայէն Լիբանանէն անցած ենք` նախքան Արեւմուտքի երկիր մը  հաստատուիլը:

«Նպատակս երգերուս մէջէն պատում մը տալ է, եւ ատիկա միայն իմ պատմութիւնս չէ, քանի որ իմ կեանքիս ելեւէջները կրնան ոեւէ մարդու ելեւէջները ըլլալ: Ես իմ ապրումներս երգի վերածած եմ, իսկ եթէ դիմացինս ալ կը խոկայ, երբ երգերս լսէ, ուրեմն յաջողած եմ կապ մը ստեղծել իմ եւ անոր միջեւ: Ըսիր, որ երգերս մելամաղձոտ են, ատիկա անպայմանօրէն վատ բան մը չէ. մելամաղձոտութեան մէջ ալ երջանկութիւն կրնանք գտնել, չէ՞: Քիչ մըն ալ կ՛ուզենք համոզել մենք զմեզ, որ կեանքը այսպէս իրական է, ես ո՛չ յոռետես եմ, ո՛չ ալ լաւատես, պարզապէս իրատես եմ: Իրատես եմ մանաւանդ հայուն իրավիճակին պարագային:

«41 տարիէ ի վեր հեռացած եմ հոսկէ, բայց չեմ կրցած մոռնալ, թէ ի՛նչ կեանք ունեցած եմ հոս: Եւրոպայի մէջ, որ շատերու համար կարծես դրախտի իրենց հանգրուանն է, երջանկութիւն չեմ գտած: Այս չի նշանակեր, որ ես անցեալով կ՛ապրիմ, բայց իմ երջանկութիւնս իմ մօտիկ շրջանակիս մէջն է, եւ բոլորս ալ կը տառապինք մեր մշակոյթով: Եթէ սփիւռքի մէջ քով-քովի չենք, ինչպէ՞ս զարգացնենք, ապրեցնենք մեր արեւմտահայկական մշակոյթը: Ոմանք հայկական մշակոյթի պահպանման համար կը խօսին Հայաստանի կարեւորութեան մասին: Ես չեմ խօսիր Հայաստանի մէջ քով-քովի ըլլալու մասին. սփիւռքն ալ ի՛ր կարեւորութիւնը ունի, անիկա պէտք ունի գոյատեւելու, մանաւանդ որ շատ արժէքաւոր է: Արդարեւ, առանց սփիւռքի` Հայաստան գոյութիւն չի կրնար ունենալ, ինչպէս որ էր պարագան այն ժամանակաշրջանին, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւն չկար, բայց եւ այնպէս սփիւռքը կար: Ատոր համար բեմերէն ալ կը յայտարարեմ հայկական սփիւռքի կարեւորութեան մասին: Որքան որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը սփիւռքահայերուս պէտք ունի, նոյնքան եւ աւելի մեզի պէտք ունի սփիւռքը,  ու զայն որբ ձգելու իրաւունք չունինք: Ինչո՞ւ չխօսինք իրականութիւնները, այո՛, իրատես եմ ես այդ առումով:

«Մօրս կողմէն ներգաղթած են գրեթէ բոլոր պարագաները, իսկ հօրս կողմէն միայն հօրեղբայրս ներգաղթած է: Այս ներգաղթը շատ մեծ քաջութիւն կը պահանջէր սփիւռքէն` փրկելու համար Հայաստանը ու  հասցնելու այսօրուան Հայաստանին, բայց դժբախտաբար այդքան ալ լաւ գնահատուած չէ այս մէկը պատմութեան մէջ, ինչ որ մեծ ցաւ մըն է ինծի համար, մանաւանդ որ մորթիս վրայ զգացած եմ ատիկա: Իսկ մշակութային կապերու մասին խօսելով` կը յիշեմ, որ ժամանակին հայրենիքէն արուեստ կը սպասէինք ու հոնկէ որակաւոր երաժշտութիւն կու գար: Այսօր այդ մէկը գոյութիւն չունի: Կարծես Հայաստանի ու սփիռւքի զգացական աշխարհները հեռու են իրարմէ, ու մշակութային կապերը բռնազբօսիկ են: Ան ալ ըսեմ, որ աշխարհը ընդհանրապէս արուեստի անկում մը կ՛ապրի, բայց մենք այնքան զօրաւոր պէտք է ըլլանք, որ առեւտրական արուեստի (commercial art) կողքին, այսինքն` այն արուեստին, որ հիմնուած է միայն դրամ շահելու եւ առեւտուրի վրայ, հիմնենք իսկական արուեստը, որպէսզի հայկական մշակոյթն ալ հարստանայ: Երաժշտութեան մէջ վատն ու լաւը չկայ անշուշտ, բայց եւ այնպէս մենք իրաւունք չունինք յատուկ ուշադրութիւն չդարձնելու մեր մշակութային որակին: Մեր իրականութեան մէջ դժբախտաբար միայն առեւտրային արուեստը գոյութիւն ունի, միւսին տեղ չկայ:

«Ցեղասպանութեան 50-ամեակին առիթով «Թրքերէն խօսողին հայերէն պատասխանէ» լոզունգը մեր երգիչները` Ատիս Հարմանտեան, Լեւոն Գաթրճեան, Արա Կիրակոսեան, ներմուծեցին հայ տուներուն մէջ ու անոնց հայաշունչ երգերուն շնորհիւ` հայ երգը փոխարինեց թրքերէն երգերը: Այս դէպքէն 50 տարի ետք մեր երաժշտութիւնը հոն չէ, ուր որ պէտք էր ըլլար, եթէ բնական վերելք ապրէր: Փաստօրէն գաղութին մէջ կազմակերպուած ճաշկերոյթ-պարահանդէսներէն բացի` ուրիշ երաժշտական երեկոներ չեն կազմակերպուիր, որպէսզի բոլորին ալ տեղ տրուի:

«Լիբանանահայ մեր ձայնասփիւռի կայանները միայն քանի մը երգացանկեր կը հրամցնեն ժողովուրդին եւ կարծես կը վախնան  անոնցմէ դուրս ելլելու: Մենք կարծես ընդհանրապէս  վախ մը ունինք դուրս ելլելու մեր հանգստաւէտ գօտիէն, եւ հաւանաբար ատոր համար ալ, երբ ազգային երգ ըսենք, քանի մը ազգային երգեր կ՛երգենք միայն: Ես ալ ազգային երգեր կ՛երգեմ ու նոյնիսկ հեղինակած եմ. նոր ձայնասկաւառակիս «Վերադարձը նոյն ծառի ճիւղին» երգը ազգային է: Քաջութեան կարիք ունինք մշակոյթը թարմացնելու: Եթէ նոյնիսկ խօսինք համացանցին տուած դրութեան մասին, հոն ալ երաժիշտը պէտք ունի նիւթականի, որպէսզի կարողանայ լաւորակ երաժշտութիւն ստեղծագործել: Ամէն ինչ նիւթականի հարց է: Եթէ առիթ չտրուի մեզի` շահելու այդ նիւթական ուժը, չենք կրնար ստեղծագործել, ինչպէս որ պէտք է: Եթէ ես բարեսիրական կազմակերպութիւններուն դուռը թակեմ, որպէսզի ինծի նիւթական յատկացում տան, եւ ես ալ իմ կարգիս ձրիօրէն տարածեմ երգս հայ գաղութներուն մէջ, քանի՞ կազմակերպութիւն պատրաստ է իր վստահութիւնը տալու ինծի կամ ինծի նման այլոց:

«Որակի մասին կը խօսինք հոս, ըսեմ, որ հարցը միայն երգին պարունակութիւնը չէ, այլ նաեւ` հրամցուած ձեւը: Այսինքն երգը այնպէս մը հրամցուի, որ նաեւ ոչ հայերը կարենան մտիկ ընել: Երբ 1980-ին Շարլ Ազնաւուր Յարութ Պեզճեանն ու զիս Ֆրանսայի մէջ «Կրանտ Էշիքիէ» անունով յայտագիրին հրաւիրեց, եւ մենք «Կարօտ»¬ը երգեցինք, անոր հարց տրուեցաւ, որ ինչո՛ւ այս երիտասարդները ընտրեցիր, ան պատասխանեց, թէ քանի որ անոնք հայ երգը կը դարձնեն օտարին ունկնդրելի: Ասկէ աւելի մեծ գովասանք մը հազուադէպ է: Եւ ճիշդ է, որ այդպէս ըլլայ: Օրինակ, նոյնն է պարագան Միքիս Թէօտորաքիս անունով յոյն երաժիշտը, որուն յեղափոխական երգերը, որոնցմէ հանրածանօթ է «Զորպա տը կրիք»-ը, համաշխարհային մակարդակ ունի: Ինչո՞ւ մենք ալ չձգտինք ու չկարենանք այդպէս պատրաստել մեր երգերը: Մեր հայկական կշռոյթը վեց ութերորդ է, բայց շատ դիւրաբեկ է, եւ երբ վրիպինք անկէ, երգը կը կորսնցնէ հայկական ինքնութիւնը, կը դառնայ աղաւաղուած: Ճիշդ ու պարզ երգելը, առոգանութիւնը պահելը, բառերուն վերջին վանկերու շեշտադրումը եւ հասկնալի արտաբերումը արուեստին մաս կը կազմեն: Ես իւրաքանչիւր տունին աւարտը, որ կ՛երգեմ այնքա՜ն հաճոյք կը զգամ, որ միտքով քանի մը պահ կ՛ապրիմ հոն` նախքան յաջորդ տունին անցնիլը: Թերեւս գերզգայուն եմ, այո՛, բայց նաեւ հայկականն է ատիկա:

«Երբ առաջին անգամ Ֆրանսա գացինք Յարութ Պեզճեանին հետ 5 դեկտեմբեր 1975-ն էր: Հոս (Լիբանան) տարբեր տեղեր կ՛երգէինք` համալսարան, գինետուներ, ակումբներ եւ այլն: Մեր երգացանկը օտար էր, եւ հայերէն կ՛երգէինք կատակի համար. օրինակ, կը յիշեմ «չիչեքլեր, չիչեքլեր» կ՛երգէինք կատակով: Ֆրանսա մեզի շատ առիթներ բացուեցան, եւ նորէն ալ շարունակեցինք օտար լեզուով երգել` ապրուստ վաստակելու համար: Առաջին հայերէն երգը, որուն վրան աշխատեցանք ու վերամշակեցինք «Կարօտ»-ն էր, որ բաւական մեծ ընդունելութիւն ունեցաւ: Յարութը կիթառ ալ կը նուագէր, ու հետաքրքրական զոյգ մըն էինք բեմին վրայ: Շուտով բարերար գտանք ու հրապարակեցինք մեր առաջին ձայնապնակը: «Յարդար»-ը, որմէ ետք Յարութ Պեզճեանը արդէն շուտով հրաժարեցաւ քանի որ չէր ուզեր բեմ բարձրանալ:

Բայց ինծի համար բեմը թթուածին էր, ուրեմն ես շարունակեցի:

«Երազ», «Բարեւ» եւ «Կարօտ» սկաւառակները վինիլի վրայ հրապարակած ենք, անկէ ետք սկսանք խտասալիկի վրայ հրապարակել «Կարօտ»-ը, «Ժպիտ եւ արցունքներ»-ը, «Ձայն եւ դաշնակ»-ը, «Նոր դար»-ը եւ «Վերադարձ»-ը:

Վերամշակումներ կ՛ընէի սկիզբը, բայց «Բարեւ»-էն սկսեալ արդէն երգերս սկսայ հեղինակել. ի՜նչ հաճելի է ինծի համար գրելը: Հանդիպեցայ ֆրանսացի Փաթրիս Փէյրերասին, որ բոլորովին հայերէն չի հասկնար, բայց ունկնդրութեամբ եւ երաժշտութեան համաշխարհային լեզուով միասին երաժշտական դասաւորումներ կ’ընենք մինչեւ այսօր: Հետը աշխատիլը շատ ձեռնտու է, որովհետեւ չունի ինքնահաւանութիւն եւ եսասիրութիւն, որ կը ջնջէ դիմացինին եսը: Գրեթէ ֆրանսացի են երաժիշտները, որոնց հետ կ’աշխատիմ, բացի Վանիկէն (դուստրս) եւ Վսեմէն (մանչս) ու Նատինէն: Եւ ճիշդ է ըսածդ այն բանին մասին, որ իմ գրած երգերս պարզ են, ու ոեւէ մէկը կրնայ նոյնպէս գրել, քանի որ գեղեցիկ է պարզութիւնը ինծի համար, եւ ես կը խուսափիմ բարդ փիլիսոփայական միտքերէ: Ջանք չեմ թափեր պարզ ըլլալու, բայց աւելի հանգիստ կ՛ըլլամ իրական մնալով, ինչպէս քիչ առաջ ըսի` իրատես եմ: Չեմ գիտեր` ինչպէ՛ս կը յօրինեմ երգերը, բայց գիտեմ, որ այնքան գեղեցիկ լեզու է արեւմտահայերէնը, որ ես պէտք չունիմ արեւելահայերէնին ապաւինելու, ինչպէս կ՛ընեն շատ մը երգիչներ, դժբախտաբար: Եղանակն ալ երբեմն բառերէն կը բխի, երբեմն ալ` հակառակը: Կարեւորութիւն կու տամ իւրաքանչիւր մտածումիս, ու երբ թուղթին յանձնեմ երբեմն ես ալ կը զմայլիմ, որ ինչպէ՛ս մէջտեղ եկաւ այսքան պարզութեամբ այսքան գեղեցիկ երգ:

Վիգէն Դարբինեանին հետ կը շարունակենք արծարծել հայութիւնը ու հայկական արուեստը յուզող զանազան հարցեր` ոչ անպայման քննադատելու կամ գնահատելու միտումով: Մեր շատախօսութիւնը կ՛ընդհատուի, երբ ժամը կը հասնի Դարբինեանի մեկնումին:

Pictos-CD

Յօդուածը առաջին անգամ լոյս տեսած է Ազդակ, 22 յուլիս 2017-ին

Թողնել մեկնաբանություն

Արազն եմ

Այս ցանցատետրը արտացոլացումն է սփիւռքի առօրեայիս (եւ մասամբ նորին)…

Ի՞նչ կ՚ըսես, քիչ մը խօսինք