Լիբանանահայ Ուսանող Անդրանիկ Սեֆիլեանը Արժանացած Է «Կէյց Քեմպրիճ» Կրթաթոշակին, Ան Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Առաջին Կրթաթոշակառուն Է Եւ Պիտի Մասնագիտանայ Աստղաբնագիտութեան Մէջ

Պուրճ Համուտէն Լիբանանեան համալսարան, յետոյ Պէյրութի ամերիկեան համալսարան, իսկ ներկայիս` Քեմպրիճ: Այս բանաձեւը կը ներկայացնէ Անդրանիկ Սեֆիլեանի «ուղեւորութիւնը դէպի տիեզերք», կամ, այլ խօսքով, անոր ուսանողական տարիներու յառաջդիմութիւնը դէպի աստղաբնագիտութեան դոկտորականի թեկնածութիւն` Քեմպրիճի համալսարանին մէջ:

Այս առիթով հարցազրոյց կ՛ունենանք Անդրանիկ Սեֆիլեանին հետ` մօտէն ծանօթանալու անոր եւ իր ծրագիրներուն:

IMG_3554

Ո՞վ է Անդրանիկ Սեֆիլեանը:

Անդրանիկ Սեֆիլեան 24-ամեայ ուսանող մըն է Պուրճ Համուտէն: Մինչեւ 9-րդ դասարան իր դպրոցական ուսումը ստացած է Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանին մէջ, ուրկէ անկարգապահութեան պատճառով վտարուած է 9-րդ դասարանին, բան մը, որ Սեֆիլեան ժպիտով կը պատմէ: Աւարտելէ ետք դպրոցական իր ուսումը ոչ հայկական վարժարանի մը մէջ, հետեւած է Լիբանանեան համալսարանի բնագիտութեան ճիւղին: «Չեմ կրնար ըսել, որ դիւրին փորձառութիւն մըն էր այս մէկը»,- կը պատմէ Անդրանիկ Սեֆիլեան,- «Ինչպէս Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի յօդուածին մէջ նշուած է, նիւթական դժուարութիւն ունէինք [եւ ես միեւնոյն ժամանակ ոսկերիչ կ՛աշխատէի]: Ասոր կողքին կային ընկերային դժուարութիւններ` Լիբանանեան համալսարանի մէջ, քանի որ նիշերս փայլուն էին եւ ճիւղիս մէջ առաջնութեան կամ երկրորդութեան կը տիրանայի: Այս մէկը պատճառ կը դառնար, որ արաբ դասընկերներս այլատեաց նշումներ ընէին, ինչպէս, օրինակ, «հայերդ շատցաք, պէտք է լիբանանեան համալսարանի փոխարէն` հայկական համալսարան ունենաք» եւ այլն: Բայց միշտ ալ կ՛աշխատէի հետապնդելու երազներս, որովհետեւ վճռած էի մասնագիտանալ: Լիբանանեան համալսարանին մէջ ուսանած տարիներուս իմացայ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի աստղաբնագիտութեան բաժինին եւ դոկտ. Ժիհատ Թումայի մասին, որուն հետ աշխատակցած եմ մագիստրոսիս տարիները, եւ ըստ այնմ գծեցի ճամբաս դէպի մագիստրոսական աստիճան: Օր մըն ալ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ դոկտ. Թումային հետ ճեմած ատենս ան ինծի խօսեցաւ Քեմպրիճի համալսարանին «Տարուին դպրոց»-ի դոկտոր Ռոման Ռաֆիքովի ուսումնասիրութեան մասին եւ հարցուց, թէ մենք կրնա՞նք բան մը աւելցնել այդ ուսումնասիրութեան վրայ: Այն ժամանակ արդէն այլ նիւթերու վրայ կ՛աշխատէինք միասին: Դոկտ. Ռաֆիքովի նիւթով ալ զբաղեցանք եւ մեր ուսումնասիրութիւնները ըրինք: Այսպիսով, իմ հետաքրքրութեանս սլաքը այդ կողմ թեքեցաւ ու հետապնդեցի Քեմպրիճի համալսարան ընդունուիլս: «Կէյց Քեմպրիճ» կրթաթոշակին ալ արժանացայ ամիս մը առաջ»:

Ինչպէ՞ս սկսաւ Անդրանիկ Սեֆիլեանի հետաքրքրութիւնը աստղաբնագիտութեան մէջ:

«Ողորմած մեծ հօրս հետ պզտիկուց «Տիսքաւըրի» կայանը կը դիտէինք եւ այն ժամանակէն հետաքրքրութիւն ունէի անջրպետին մասին: Կ՛ուզէի գիտնալ, թէ դուրսը ի՞նչ կար, ի՞նչ մոլորակներ կային, ինչո՞ւ կային, ինչպէ՞ս կը շինուէին եւ այլն: Երազ ունէի տիեզերագնաց ըլլալու, մինչեւ որ օր մը սկսայ ակնոց դնել, որովհետեւ տիեզերագնաց ըլլալու համար քանի մը չափանիշներ կան, ինչպէս` հասակի բարձրութիւն, տեսողութիւն, ոսկորներու տոկունութիւն եւ այլն: Տիեզերագնաց ըլլալու երազս աւարտեցաւ, բայց միշտ ալ տիեզերքը մնաց հետաքրքրութեանս կեդրոնը: Թէեւ պէտք է ըսեմ, որ շրջան մը այդ երազս ալ մարած էր, մանաւանդ երբ դէմ յանդիման կը գտնուիս ընկերութեան մը կամ համայնքի մը հետ, որ չ՛արտօներ նման երազներու զարգացումը. համայնքը, լիբանանեան թէ՛ հայկական, քանի մը մասնագիտութիւններ գիտէ` բժիշկ, փաստաբան, վաճառական եւ այլն, դէպի վեր նայիլ չի գիտեր: Երբ քիչ մը աելի խելահաս դարձայ, 9-րդ, 10-րդ դասարանիս որոշեցի բնագիտութիւն ուսանիլ, քանի որ գիտէի, որ աստղաբնագիտութեան ճիւղը չկայ Լիբանանի մէջ. անշուշտ բնագիտութեան ուսուցիչս մեծ դեր խաղաց նիւթը աւելի սիրել տալուն մէջ: Այդպէս ալ հասայ հոս»:

Ի՞նչ կը նշանակէ «Կէյց Քեմպրիճ» կրթաթոշակին արժանանալը

«Կէյց Քեմպրիճ» կրթաթոշակը 2000 թուականին Պիլ եւ Մելինտա Կէյց հիմնարկին կողմէն Քեմպրիճի համալսարանին կատարուած 210 միլիոն ամերիկեան տոլարի նուիրատուութեամբ հիմնուած կրթաթոշակ մըն է: Անիկա կը յատկացուի միջազգային այն խոստմնալից ուսանողներուն, որոնք կը դիմեն համալսարանին ճիւղերէն որեւէ մէկուն` շարունակելու համար իրենց յետաւարտական ուսումը:

««ԿԷյց Քեմպրիճ» կրթաթոշակին դիմող 6000 թեկնածուներէն անոնք ընտրեցին 220 հոգի: Այս զտումը կատարուեցաւ զուտ ակադեմական չափանիշներու հիման վրան: Բայց կրթաթոշակին միակ չափանիշը ատիկա չէ, այլ աւելի կարեւոր բան մը կայ հոն` ուսանողին ծրագիրները, որոնք պէտք է միտին բարելաւելու մարդոց կեանքը»:

«Երկրորդ փուլով 220 հոգէին ընտրուեցան միայն 55 հոգի, որոնց հիմնական դատանիշը ընկերային կեանքին ներդրումն էր. հոս էր հիմնական պայքարը. պէտք էր ցոյց տայ, որ ես ունիմ իմ համայնքս բարելաւելու ծրագիրներ: Լիբանանահայ իմ փորձառութենէս շատ բան ունէի ըսելիք եւ փաստօրէն լիբանանահայ կեանքիս յուսահատութիւններուս պատճառով մշակած ծրագիրներուս պատճառով արժանացայ այս կրթաթոշակին»:

«Դժբախտաբար մեր համայնքը չի մղեր, որ երազներդ իրականացնես: Միշտ պատ մը կը դնէ առջեւդ: Նիւթական դժուարութիւնը զիս շատ յուզած էր, եւ երբ պսակաւոր գիտութեան ուսումիս համար դիմած էի ֆոնտերու եւ բարերարներու, բոլորն ալ մերժած էին զիս պարզ այն պատճառով, որ ոչ ոք հետաքրքրուած էր աստղաբնագիտութեամբ: Ես չեմ հասկնար, թէ ինչպէ՛ս կ՛ուզենք գիտնական հայեր ունենալ, երբ չենք դրամարկեր այդ ծիրը: Նախքան կրթաթոշակին տիրանալս` Քեմպրիճի համալսարանի մէջ ընդունուած էի եւ քանի որ վստահ չէի, որ կրթաթոշակին առիթը ինծի պիտի շնորհուէր, անգամ մը եւս, առանց յուսահատած ըլլալու առաջին բացասական փորձառութենէս, դիմեցի բարերարներու, որոնցմէ անգամ մը եւս մերժուեցայ: Ուրեմն ես շատ կը վախնայի, որ պիտի կորսնցնեմ Քեմպրիճի համալսարանի մէջ ուսանելու առիթը: Այս շատ նեղացուցած էր զիս»:

«Այլ տագնապ մըն ալ Հայաստանի Բիւրականի աստղադիտարանին անգործածելի ըլլալն է, լերան վրայ կանգնած է անգործ: Հայաստան մեծ ներուժ կրնայ ունենալ աստղաբնագիտութեան մէջ, որովհետեւ արդէն ունի իր աստղադիտարանը, բայց ո՞ւր են Հայաստանի գիտնականները: Շատ գործ կայ ընելիք բարելաւելու համար աստղաբնագիտութիւնը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Լիբանանի մակարդակի վրայ: Լիբանանի մէջ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի աստղադիտարանին ոսպնեակը դժբախտաբար գողցուած է պատերազմին ընթացքին, իսկ «Էն. Տի. Եու.» համալսարանին աստղադիտարանը դժբախտաբար միայն կրօնական նպատակներու կը ծառայէ, այսինքն` Ռամատանի համար եւ այլն: Ամէն անգամ որ դիմեր էի «Էն. Տի. Եու.»-ի աստղադիտարանը գործածելու համար, ամէն անգամ ալ մերժուեր էի: Ես ասոնց մասին խօսեցայ «Կէյց Քեմպրիճ»-ի կրթաթոշակին համար կատարած իմ հարցազրոյցիս ընթացքին»:

«Արդէն դպրոցական տարիներէս գիտէի, որ շատ ընելիք ունիմ համայնքներուս համար: Ես վատ կողմերը տեսնելով` որոշեցի բարելաւել եւ այս կրթաթոշակին տիրանալը ոսկի առիթ մըն է ինծի, քանի որ շատ դռներ բացաւ առջեւս»:

«Կրթաթոշակին արժանանալէն ետք արդէն սկսայ քանի մը տեսակցութիւններ ունենալ: Ուրախ եմ, որ տեսակցեցայ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան պարոն Սամուէլ Մկրտչեանին հետ եւ միտքեր փոխանակեցինք: Յառաջիկայ ամիսներուն առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան պիտի երթամ եւ պետական համալսարանին եւ կամ ամերիկեան համալսարանին մէջ պիտի ներկայացնեմ դասախօսութիւն իմ գործիս մասին: Ծրագիրներ ունիմ արդէն, որոնցմէ մէկը այն է, որ փոքրերուն, պատանիներուն խօսիմ, թէ ի՛նչ է աստղաբնագիտութիւնը, քանի որ դժբախտաբար մեր մատղաշ սերունդը մեր ընկերութեան մէջ մեծնալով` շատ գիտելիք չունի գիտութիւններուն մասին: Այլ նպատակ մըն ալ ունիմ` կապ մը հաստատել «Լոյս» հիմնադրամին եւ «ԿԷյց Քեմպրիճ» կրթաթոշակի ծրագրին միջեւ: Գիտենք, որ «Լոյս» հիմնադրամը ունի իր շրջանաւարտները, եւ հետեւաբար իր շուրջ հաւաքուած է համայնք մը, որ կը միտի բարելաւել Հայաստանի իրավիճակը: «Կէյց Քեմպրիճ» կրթաթոշակին նպատակներն ալ հիմնականօրէն բարելաւել է ընկերութիւնը: Կը տեսնեմ, որ շատ լաւ համագործակցութիւն կրնայ ըլլալ երկուքին միջեւ, եւ կամ` ապագային Հայաստանն ալ նման բան մը կրնայ կազմակերպել, գոնէ այսպէս, գիտական մակարդակի վրայ իմ ներդրումս բերած կ՛ըլլամ, ձեւով մը դեսպան եղած կ՛ըլլամ գաղափարներու եւ օգնած կ՛ըլլամ կապեր հաստատելու: Այս ամէնը կ՛ըսեմ, քանի որ ես պէտքը ունեցած եմ ասոր իմ ուսանողական տարիներուս եւ չեմ գտած»:

Ի՞նչ է աստղաբնագիտութիւնը

Աստղագիտութիւնը կը զբաղի տիեզերքին մէջ գոյութիւն ունեցող նիւթերով: Կ՛ուսումնասիրէ մոլորակները, անոնց կազմութիւնը, արեւու կամ արեւներու շուրջ պտտելու կացութիւնը:

Սեֆիլեան բացատրեց, որ անջրպետին մէջ գոյութիւն ունին շատ մը արեգակնային դրութիւններ, որոնք իւրայատուկ են: Ան ըսաւ, որ ներկայիս գիտենք 150 դրութիւններու մասին, որոնք մէկէ աւելի արեւներ ունին: Իսկ մեր արեգակնային դրութիւնը իւրայատուկ է իր մէկ արեւով, ժամանակի ընթացքին մեր երկրագունդէն աւելի հեռացող լուսինով, մեծէն փոքր չափով շարուած մոլորակներով:

«Ես կը զբաղիմ հարցադրումներով. բանաձեւեր կը գրեմ ու համակարգիչի վրայ կը փորձարկեմ: Իմ թեզս կը բաղկանար երկու նիւթերէ. առաջին նիւթը կը վերաբերէր մոլորակներու կազմութեան: 1980-ականներուն գիտնականներ փաստած էին, թէ նոր մոլորակներ չեն կրնար կազմուիլ, բայց ներկայիս հակառակը փաստուած է: Իսկ երկրորդ նիւթս կը վերաբերէր վերջերս բաւական աղմուկ բարձրացուցած մեր արեգակնային դրութեան մէջ գտնուած 9-րդ մոլորակին: Համալսարանի փրոֆեսէօրս` դոկտ. Ժիհատ Թուման եւ ես այս նիւթը բաւական ուսումնասիրեցինք եւ մեր եզրայանգումները եւ յայտնաբերումները գրեցինք, բայց տակաւին չենք կրնար բացայայտել հանրութեան, քանի որ այդ գաղտնիք է»:

«Հակիրճ տողերու մէջ ըսեմ, որ տիեզերքին մէջ, նախքան արեւու կազմութիւնը, մեծ ամպ մը կ՛ըլլայ: Այդ ամպը կը խորտակուի ու արեւ կը կազմուի: Անկէ ետք խորտակուած ամպը արեւուն շուրջ կը վերածուի սկաւառակի, որ կազեր եւ այլ մասնիկներ կը պարունակէ: Ժամանակի ընթացքին անոնք իրար զարնուելով եւ փակչելով մոլորակի կը վերածուին: Սակայն այստեղ կան մանրամասնութիւններ, որոնք տակաւին ուսումնասիրութեան կը կարօտին: Դոկտորականի փրոֆեսէօրս դոկտ. Ռաֆիքովը 2013 թուականէն ի վեր այս նիւթով կը զբաղի, եւ երբ սկսիմ ուսման տարեշրջանս Քեմպրիճի մէջ, իր հետ պիտի աշխատիմ այս ուղղութեամբ»:

Անդրանիկ Սեֆիլեան երիտասարդ, խոստմնալից ու ոգեւորիչ գիտնականը, մեկնելով իր փորձառութենէն, հետեւեալ գաղափարով եզրափակեց մեր տեսակցութիւնը:

«Պատ կայ առջեւդ, ամէն մարդ ունի ատիկա: Դուն պատին մէկ կողմէն միւսը պիտի անցնիս: Երկու բան կայ, որ կրնան օգնել քեզի` կամքդ եւ ընկերութիւնը, համայնքը: Ոչ մէկը առանձինն կրնայ յաջողութեան տիրանալ, միշտ ալ ընկերութիւնը պէտք է մղէ քեզ` իրեն յատուկ ձեւերով: Իմ պարագայիս իմ ընկերութիւնս եւ համայնքս առջեւս արգելքներ դնելով` զիս մղեցին, որ բռնեմ «Կէյց Քեմպրիճ» կրթաթոշակին ճամբան եւ դառնամ համալսարանիս առաջին եւ միակ կրթաթոշակառուն: Այս ընկերութիւնը ինծի «փախչի՛ր» ըսաւ հոսկէ: Նկատեցի, որ իմ ծրագիրներս հոս այս ձեւով չեմ կրնար իրականացնել եւ ատոր համար դէպի դուրս նայեցայ»:

«Պէտք է ժողովուրդին հասկցնենք, որ միասնաբար հզօր ուժ մըն ենք եւ իրարու պէտք ունինք` յաջողելու եւ յառաջ երթալու: Իմ յաջողութիւնս իմ անձնական յաջողութիւնս չէ, շատ գործօններ ինծի օգնեցին, թէկուզ ատոնք բացասական փորձառութիւններ էին, որոնք դռները գոց պահեցին առջեւս»:

 

Յօդուածը առաջին անգամ լոյս տեսած է Ազդակի մէջ, յունիս 8, 2017-ին

Թողնել մեկնաբանություն

Արազն եմ

Այս ցանցատետրը արտացոլացումն է սփիւռքի առօրեայիս (եւ մասամբ նորին)…

Ի՞նչ կ՚ըսես, քիչ մը խօսինք